2012-05-28 12:24:29

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Քարոզը Հոգեգալստեան տօնին`
Հրաւէր Ապրելու Աստուծոյ Հոգիի ճշմարտութեան ու Միութեան Ոգիով։


Կիրակի 27 մայիսի առաւօտեան, Ս. Հոգւոյ Գալստեան տօնին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։ Իր արտասանած քարոզին մէջ հրաւիրեց մարդկութիւնը ապրելու ճշմարտութեան ու միութեան ոգիով։
Մեկնաբանելով Աստուածաշունչի Պապիլոնիայի աշտարակի դէպքը, ուր մարդիկը, Ջրհեղեղէն ետք, այլեւս իրարզիրար չէին հասկնար, Նորին Սրբութիւնը ցաւ յայտնեց որ հակառակ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու բազմացումին, մարդիկը փոխանակ իրարու մօտենալու, իրարմէ բաժնուած են եւ ընհարումի մէջ են ճիշդ այդ միջոցառումներու պատճառաւ։ Իրարայաջորդ սերունդներու միջեւ երկխօսութիւնը դարձաւ դժուար ու բարդ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - մատնաշելով թէ ներկայ մարդկութիւնը կ'ապրի Պապելի շրջանի փորձառութիւնը։
Մեր ժամանակաշրջանի մարդիկը թէեւ իրարու աւելի մօտ են ու թէեւ հեռաւորութիւնները գրեթէ գոյութիւն չունին, սակայն անհատներու միջեւ հասկացողութիւնը ու հաղորդակցութիւնը դարձած է մակերեսային ու կեղծ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ապա ըսաւ. <<Շնորհիւ գիտութեան ու ճարտարարուեստի կարողացանք գրեթէ տիրել բնութեան վրայ, այլափոխել տարրերը, ողջ էակներ յառաջ բերել եւ հասանք գրեթէ նոյնիսկ ստեղծելու ''մարդ էակը''։
Նման կացութեան մէջ` առ Աստուծոյ աղօթք բարձրացնելը դարձաւ անօգուտ ու ժամանակավրէպ, որովհետեւ մենք ի վիճակի եղանք կերտելու եւ իրականացնելու այն ինչ որ կը բաղձանք։
Ներկայ մարդիկը, ցաւով դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, կ'ապրին Պապելի շրջանի մարդոց հոգեվիճակը` իրարզիրար չեն ըմբռներ, իրարմէ կը վախնան ու կը կասկածին, մէկ խօսքով մէկը միւսին համար վտանգ դարձած է։
Մարդկութիւնը որպէսզի կարողանայ վերագտնել իր միութիւնը ու վերահաստատել ներդաշնակութիւնը պէտք է ընդունի Ս. Հոգւոյ շնորհքը, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ընդգծելով որ հոն ուր մարդիկը կ'ուզեն Աստուծոյ տեղը առնել կարող են միմիայն իրարու դէմ ելլել։
Ընդհակառակը երբ մարդիկ կ'ապրին Տիրոջ ճշմարտութիւնը կը բացուին Ս. Հոգւոյ, որ զանոնք կը պահպանէ ու կը միացնէ։
Պէտք ենք ապրիլ Ս. Հոգւոյ միութեամբ ու ճշմարտութեամբ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, իր քարոզը եզրափակելով, եւ այդ պատճառաւ պէտք ենք աղօթել որպէսզի Աստուծոյ Հոգին մեզ լուսաւորէ ու առաջնորդէ մեզ յաղթահարելու մեր եսասիրութիւնը ու ընդունելու Եկեղեցիէն հաղորդուած Քրիստոսի ճշմարտութիւնը։
Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետի մատուցած Հոգեգալստեան պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Աթոռի կառավարութեան 90 կարտինալներ ու եպիսկոպոսներու ինչպէս նաեւ տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.